Գլխաւոր Էջ
Ամսուան ՅօդուածըՊարպի Պուպրիկը, Մանկական խաղալիք՝ պուպրիկ, ստեղծուած՝ 9 Մարտ 1959-ին, Միացեալ Նահանգներուն մէջ: Զայն ստեղծած է Ռութ Հենտլըր, խաղալիքներու ամերիկեան հաստատութեան`«Մաթել»ի հիմնադիրներէն մէկուն կինը: Պարպին պարզ պուպրիկ մը կամ խաղալիք մը չէ․ անիկա ժամանակի ընթացքին վերածուած է համաշխարհային երեւոյթի մը, որ ազդեցութիւն ունեցած է սերունդներու մտածողութեան եւ պատկերացումներուն վրայ։ Փոքրիկներու ձեռքերուն մէջ ան կը դառնայ երազներու մարմնացում, իսկ մեծերու աչքերուն մէջ՝ քննարկման նիւթ՝ գեղեցկութեան, ինքնութեան եւ արժէքներու մասին։ Պարպիի աշխարհը ժամանակի ընթացքին մեծապէս ընդարձակուած է․ ան ունի ընկերներ, որոնք կը կառուցեն ամբողջ «Պարպիի աշխարհ» մը՝ իրենց պատմութիւններով եւ յարաբերութիւններով: 1950-ական թուականներուն, ամերիկացի գործարար Ռութ Հենտլըր (Ruth Handler) կը նկատէ, որ իր 10 տարեկան աղջիկը յաճախ կը հրաժարի սովորական մանկական խաղալիքներէն եւ աւելի մեծ հետաքրքրութեամբ կը խաղայ թուղթէ պուպրիկներով, որոնք կը ներկայացնեն չափահաս կիներ։ Այդ շրջանին երեխաներու համար նախատեսուած պուպրիկներուն մեծ մասը կը պատկերացնէր նորածիններ կամ փոքրիկներ․․․Աւելին⇒Արդեօք Գիտէ՞ք
Նախագիծեր
|
Ի՞նչ է ՈւիքիփետիանՈւիքիփետիան ազատ բովանդակութիւն ունեցող, անվճար եւ բազմալեզու առցանց հանրագիտարանային նախագիծ է, որ կը հովանաւորուի Ուիքիմետիա Հիմնադրամին կողմէ։
Ուիքիփետիա անունը կազմուած է «Ուիքի» բառէն (համագործակցաբար կայքէջեր ստեղծելու յատկացուած գործիքի անուն, ինչպէս նաեւ՝ հաուայեան լեզուով «արագ» բառը) եւ յունարէն «էկիքլոփետիա» (հանրագիտարան) բառին «փետիա» (յունարէն լեզուով՝ կրթութիւն) մասէն։ Ուիքիփետիա նախագիծը ստեղծուած է 2001-ի Յունուարին, Ճիմմի Ուէյլզի եւ Լէրի Սէնկըրի կողմէ։ Հանրագիտարանը կը պատկանի Ուիքիմետիա Բարեգործական Հիմնադրամին, որ նուիրատուութիւններէ գոյացած հասոյթը կը յատկացնէ Ուիքիփետիայի եւ այլ քոյր նախագիծերու զարգացման։ Հանրագիտարանին երեսուն միլիոնէ աւելի յօդուածները, որոնց շարքին՝ 13 626-է աւելի արեւմտահայերէնով յօդուածները ստեղծուած են կամաւոր խմբագիրներու կողմէ։ 1 Ապրիլ 2019-էն սկսեալ Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան ունի իր առանձին հարթակը։Ամսուան Իրադարձութիւնները
Օրուան Պատկերը |
Ուիքիփետիա Քոյր Նախագիծեր
Ուիքիփետիան կը հովանաւորուի Ուիքիմետիա Բարեգործական Հիմնադրամին կողմէ, որ կը հովանաւորէ նաեւ հետեւեալ քոյր նախագիծերը.
Ուիքիփետիան Տարբեր Լեզուներով
Ա՛յս Ուիքիփետիան գրուած է արեւմտահայերէնով եւ ունի 13 626 յօդուած։ Անիկա ստեղծուած է 1 Ապրիլ 2019-ին։ Գոյութիւն ունին բազմաթիւ այլ Ուիքիփետիաներ, որոնցմէ ամէնէն մեծերէն են՝
- 1,000,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝
- 250,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝
- 50,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝

